«Գալուստ Կիւլպէնկեան հաստատութիւն»-ը ազդեցիկ դերակատարութիւն ունեցած է Այնճարի կազմաւորման կեանքին մէջ:
Գիւղիս Ազգ. «Յառաջ-Գ.Կիւլպէնկեան» վարժարանի կառուցումը կը պարտինք այս հաստատութեան:
Ան, ոչ միայն նպաստած է կառուցողական աշխատանքներուն , այլ նաեւ ստեղծած է կրթանպաստի դրութիւն մը վարժարանէն ներս՝ քաջալերելու համար ուսման տենջն ու աշխատասիրութիւնը աշակերտներուն մէջ: