2001 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Այնճար ժամանած Տէր Նարեկ Քհն. Շրիքեանի հետ խորհրդակցելէ ետք, մշակուեցաւ ծրագիրը «Յառաջ-Գ.Կիւլպէնկեան» կրթանպաստին: Շնորհիւ տէր Նարեկ Քհն. Շրիքեանի ջանքերուն կարելի եղաւ գոյացնել 113.550$: Որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Յարութիւն Շերպէչեան, Քէշիշեան ընտանիք, Տիկ. Աստղիկ Փանոսեան, Շիրիքեան ընտանիք, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ Մուսալեռցի Այնճարցիներ: