Արծուաթեւ Այնճար հայաւանի ձախակողմեան թեւին վրայ, անգամ մը եւս հաստատելով Հայաստանեաց եկեղեցւոյ եւ հայեցի դաստիարակութեան անքակտելի կապուածութիւնը, 1969 թուականին, բարձրացաւ Ազգային «Յառաջ - Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի շէնքը՝ որպէս լոյսի եւ կրթութեան օճախ:

Կրթական այս հաստատութիւնը ծնունդ կ՛առնէ շարունակելու համար Ազգային «Յառաջ» նախակրթարանի առաքելութիւնը, որ 1965 թուականէն արդին կ՛ունենար իր երկրորդականի շրջանաւարտները եւ անհրաժեշտաբար կարիքը կ՛ունենար, առանձին շէնքի մը որ համախմբէր միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտութիւնը:

Արդարեւ քառասուն տարիներու պատմութիւն ունեցող այս կրթօճախը անքակտելիօրէն կապուած է Այնճարի պատմութեան հետ:

Երկար տարիներ անընդմէջ կը գործէ Ազգային«Գ. Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանը եւ Հայ ժողովուրդին կը ներկայացնէ շրջանաւարտ իր հունձքերը, որոնք արդէն պատկառելի թիւ մը կը կազմեն եւ կը յատկանշուին իրենց հայեցի դաստիարակութեամբ ու նուիրականի տէալներով:

Ժամանակին հետ քայլ պահելով վարժարանը օժտուած է բոլոր յարմարութիւններով՝ տարրալուծարան, գրադարան, համակարգչային դասարան, ջերմացման արդիական միջոցներ ... վերածուելով արդիական յարմարութիւններով օժտուած կրթօճախի մը:

Հակառակ Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի ոլորապտոյտ մթնոլորտի վարժարանը գործեց բնականոն կերպով եւ անխափանօրէն՝ պատսպարելով նոյնիսկ գաղթականներ որոշ ժամանակի մը համար:

Այսպիսով վարժարանը կանգուն մնաց իր առաքելութեան մէջ Ազգային ուսումնական խորհուրդին, Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղականութեան, հոգաբարձական կազմերուն, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմերու ջանքերով:

Ապագան լի է իրագործումներով եւ հորիզոնը՝ պայծառ:

Ճանապարհը երկար է ու լի է ապագայի յուսատու ծաղիկներով:

23 Յունիս 1939-ին, Փարիզի մէջ կնքուած Ֆրանքօ-թրքական դաշնագրով, Սանճագը կը տրուէր թուրքերուն: Ֆրանսական բանակը մէկ ամիսէն պիտի քաշուէր Սանճագէն, իսկ փոքրամասնութիւններուն 6 ամիս ժամանակ կը տրուէր ընտրելու թրքական, Սուրիական կամ լիբանանեան հպատակութիւն: Հայերը, անընդունելի նկատելով թրքական լուծը, նախընտրեցին հեռանալ, եւ ահա 30000 հայութիւն ոտքի ելաւ եւ խուժեց դէպի Սուրիա եւ լիբանան:

Լիբանան դարձաւ ամէնէն հոծ կեդրոնը գաղթականութեան:

Մուսա-լերան շրջանի հայկական 6 գիւղերու բնակչութիւնը փոխադրուեցաւ նախ՝ Պասիթ, ապա Սեպտեմբեր 4-էն 14 Այնճար:

Վարժարանիս կրթական կեանքը կը սկսի մեր ժողովուրդի Այնճար հաստատուելու թուականէն: Արդարեւ, 1939-ին Այնճար հասնելէն քանի մը ամիս ետք, մի քանի արաբական լայն ու ընդարձակ վրաններ ի մի կցելով, Մուսա-լեռցիք կանգնեցուցին դպրոցը, եւ հաւաքելով երկսեռ աշակերտութիւն՝ բացին Մուսա-Լեռ Հայ Ազգային Վարժարանը, որուն «ՎՐԱՆ» վարժարան անունը տրուեցաւ:

1940-ին, «Յառաջ» թերթի խմբագիր՝ Շաւարշ Միսաքեանի անձնական նախաձեռնութեամբ, Ֆրանսահայութենէն կոկիկ գումար մը հաւաքուեցաւ, եւ հիմը դրուեցաւ ներկայ նախակրթարանին, Ազգային «Յառաջ» վարժարան անունով: Վարժարանը Ֆրանսահայութեան նուէրը եղաւ Մուս-Լերան գաղթական ժողովուրդին:

Գլխաւոր պողոտայի լեռնակողմը բարձրութեան վրայ շինուեցաւ Հայ Առաքելական Ս. Պօղոս եկեղեցին, իսկ անոր կողքին Ազգային վարժարանը, որուն պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 1941-ի Մարտ 5-ին 755 երկսեռ աշակերտներով:

Ներգաղթը անկիւնադարձ մըն է գիւղիս եւ վարժարանիս պատմութեան մէջ: Հայրենիքներ գաղթած մեր ժողովուրդի կէսի հետ՝ կէսի իջաւ նաեւ վարժարանի աշակերտութեան թիւը:

1955-ին ժողովուրդը պարտք դրաւ գիւղի իշխանութիւններուն վրայ, որ կենդանացնեն վարժարանի ամայացած խաղավայրերը: Բացառիկ զոհողութիւններ յանձնառնելով ՝ չորս տարուան ընթացքին, ոչ միայն հին օրերու հպարտութիւնը վերադարձաւ վարժարանին, այլ նաեւ 1959-ին հիմը դրուեցաւ «Յառաջ» քոլեճին, որուն առաջին շրջանաւարտները ունեցանք 1965-ին:

1964-1965 կրթական տարեշրջանին, հետզհետէ բազմացող աշակերտութեան դիմաց նախակրթարանի շէնքըն սկսաւ նեղ թուիլ. Ուստի, մանկապարտէզը փոխադրուեցաւ մայրանոց եւ խնդրանքներ կայացուեցաւ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան նոր մանկապարտէզ կառուցելու:

Քոլեճի շէնքին կառուցումը կապուածէ նոր մանկապարտէզ կառուցելու պատմութեան հետ: 1966-ին կրթական նախարարութիւնը չվաւերացուց մեր երկրորդականի շրջանաւարտներուն վկայականները:

Ճանաչման համար անհրաժեշտ էր, որ երկրորդական բաժինը ունենար։

- Անջատշէնք՝ «Յառաջ»էն 25 մեթր հեռու

- Տարրալուծարան

- Անջատ տնօրէնութիւն

Եթէ նախակրթարանն ու երկրորդական չանջատուէին, «Յառաջ»ը նպաստընկալ ըլլալէ պիտի դադրէր եւ մենք պիտի զրկուէինք պետական նպաստէն, որ մեր պիւտճէին կարեւոր մէկ բաժինն էր եւ կը շարունակէ մնալ մինչեւ այսօր:

Յետերկարատեւ խորհրդակցութեանց վարժարանի պատասխանատուները որոշեցին նոր մանկապարտէզ կառուցելու ծրագիրը փոխարինել երկրորդական վարժարանի կառուցմամբ:

1967 Ապրիլին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժնի քարտուղար՝ Պրն Վահրամ Մաւեան Պէյրութ կը գտնուէր: Վարժարանի պատասխանատուները հրաւիրեցին զինք վարժարան եւ բացատրեցին կացութիւնը:

7500 տոլար առաջին յատկացումով հիմը դրուեցաւ երկրորդական շէնքին:

1967-ին բացումը կը յայտարարուի եւ կը կոչուի «Գալուստ Կիւքպէնկեան» վարժարան եւ կ՛ակնկալուի, որ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը ամբողջացնէ շէնքին շինութիւնը:

Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան մօտ, վարժարանիս անունով դիմումներ կատարուեցան օրուան Լիբանանի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Տաճատ Արք. Ուրֆալեանի կողմէ, որ իր հանգամանքին հեղինակութիւնը ի գործ դնելով արագացուց նուէրի տուչութիւնը:

Պրն. Գէորգ Էմմիեան՝ Ս. Պօղոս եկեղըցւոյ  ճարտարապետը, առանց նիւթական ակնկալութիւններու պատրաստեց նաեւ քոլեճի յատակագիծը եւ բծախնդրութեամբ հետեւեցաւ կառուցման աշխատնքներուն:

1970-ին շէնքը արդէն պատրաստ էր, պետական արտօնագիր առնուած. Ուստի երկրորդականի աշակերտութիւնը հոս փոխադրուեցաւ: Իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն՝ շէնքը կոչուեցաւ մեծագոյն նուիրատուին անունով՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Երկրորդական Վարժարան:

Քոլեճի բակի ասֆալդապատումի գործը կը պարտինք մեր հայրենակիցներէն՝ Տիգրան եւ Մուրատ Մանճեաններուն:

Տիար Բիւզանդ Թիւթիւնճեան 1971-ին 15000 լ.ո. նուիրեց եւ յարդարել տուաւ գրադարանը եւ գրասեղան-աթոռներով օժտեց քննութեան սրահը:

Մեծագոյն նուիրատուները հանդիսացան Զոհրապ եւ նոյեմի Թազեանները, որոնք1979-ին իշխանական նուիրատուութեամբ շինել տուին վարժարանիս գիտաշխատանոցը:

Այս հաստատութիւնը կանգուն կը մնայ շնորհիւ գիւղիս պատկան մարմիններուն եւ Ազգային Առաջնորդարանի մնայուն օժանդակութեանց:

Հաստատութիւն մը որ հպարտութիւն կը պատճառէ Այնճար հայաւանին:

 

Go to top